ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ գանձապետ Ֆիոնա Մա 23 Մարտին հրապարակեց «Քորոնա» ժահրէն վնասներ կրած քալիֆորնիացիներուն յատուկ աջակցութիւններու վերաբերող տեղեկութիւններ։
Տուրքերու վերաբերող աջակցութիւններուն համար այցելել
https://docs.google.com/spreadsheets/d/1Hv9RF-qXabkvHe6o8RZ30sJoY51vLUrpIrMp8qiBPLc/edit#gid=0 կայքէջը։
Ուտեստեղէնի աջակցութիւններուն համար այցելել
https://docs.google.com/spreadsheets/d/1EA-ct0DEV5DF3wXSxlgd2sgfKIA_2j9fvunrRq1sb8w/edit#gid=0 կայքէջը։
Ֆիոնա Մա նաեւ յայտարարեց, որ Քալիֆորնիոյ գանձապետին հովանիին տակ գործող գրասնեակները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։