ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու օդաչուները, նոր օդանաւային համակարգի իւրացման ծրագիրին համաձայն՝ ուսումնամարզական թռիչքներ կատարեցին «Սու-30ՍՄ» կործանիչներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց «Սու-30ՍՄ» կործանիչներու թռիչքի տեսագրութիւնը՝ հետեւեալ գրառումով. «Մեր «Սու-30CM» ռազմական ինքնաթիռները հսկում են մեր օդային սահմանները»։