ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, հետեւելով ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Քալիֆորնիոյ մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրի համաճարակին վերաբերող իրադարձութիւններուն՝ 12 Մարտին որոշեց դպրոցներու եւ մանկամսուրներու կառոյցները փակել մինչեւ 27 Մարտ, զսպելու համար վարակումներու հաւանականութիւնը:
Աշակերտները 18 Մարտէն սկսեալ դասաւանդութիւններուն վերսկսան հետեւիլ համացանցին միջոցաւ:
Հարցումներու կամ լուսաբանութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել Խնամակալ մարմինին գրասենեակը (818) 500-0822 թիւով կամ կապուիլ ե-նամակով` contact@prelacyschools.org հասցէին: