ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան «Հերիթեճ Ֆաունտէյշըն»ի կողմէ հրապարակուող «Տնտեսական ազատութեան ցանկ 2020»ին վրայ կը գրաւէ 34րդ դիրքը՝ բարելաւելով իր դիրքերը նախորդ տարուան հետ բաղդատած (նախորդ տարի Հայաստան 47րդ դիրքին վրայ էր)։ Այս լուրը հաղորդեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը։
Հայաստան 70.6 ցուցանիշով, 180 երկիրներու մէջ ներառուած է առաւելագոյն ազատ երկիրներու խումբին մէջ, մինչդեռ անցեալ տարի, 67.7 ցուցանիշով, չափաւոր ազատ երկիրներուն մէջ էր:
Կը Շեշտուի, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական ազատութիւնը վերջին 15 տարիներուն հիմնականին մէջ կայուն մակարդակի վրայ էր, իսկ վերջին երկու տարիներուն նկատելի էր Համախառն ներքին արտադրութեան աճ. կառավարութիւնը բարեփոխումներ կը կատարէ, կը խթանէ արտածումը եւ արտաքին ներդրումներու աճը հետագայ տնտեսական զարգացման նպատակով, սակայն անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել իրաւական արդիւնաւէտութեան: