ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 1 Մարտին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլզի «Մոնթաժ» պանդոկի սրահին մէջ:
Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծարելու տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պօյաճեանները, համայնքին կեանքին մէջ անոնց երկար տարիներու արդիւնաբեր գործունէութեան եւ կատարած բարերարութեան համար, ինչպէս նաեւ նշելու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ իբրեւ առաջնորդ ծառայութեան 25ամեակը:
Ձեռնարկին ընթացքին գոյացաւ 400,000 տոլար, ի նպաստ Հայ մշակութային հիմնարկութեան գործունէութեան։
Ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ Արամ Գալուստեան, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան։
Տասնամեակներու ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի համայնքին մատուցած իր ծառայութիւններուն կողքին, Պօյաճեան ամոլը իր աջակցութեան ձեռքը հասցուցած է նաեւ մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ, ինչպէս նաեւ՝ Անթիլիաս: Վերջին տասնամեակին, Էլիզապէթ Պօյաճեան եղած է Հայ կրթական հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկներուն արձանագրած յաջողութեանց մղիչ ուժը, տասնեակ հազարաւոր տոլար ապահովելով հիմնարկութեան ծրագիրներուն, որոնց նպատակն է յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի կրթական եւ մշակութային հաստատութեանց բարգաւաճման եւ ամրապնդման նպաստել:
Դրուատելով ամոլին մատուցած սպասարկութիւնները եւ նիւթական աջակցութիւնները, Հայ մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան շեշտեց, թէ մեր ազգային հաստատութիւնները կը շարունակեն բարգաւաճիլ եւ զօրանալ շնորհիւ Պօյաճեաններու նմաններու նիւթական զոհողութիւններուն։ «Բարեբախտաբար, մեծ է նմաններուն փաղանգը եւ անոնք կը հաւատան, որ իրենց զոհողութիւնները կը կատարուին աւելի բարձր եւ վեհանձն նպատակներու համար», աւելցուց Իզմիրլեան։
Ապա, ատենապետը բեմ հրաւիրեց Պօյաճեանները, որոնց մրցանակը յանձնուեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութեան անդամ իրաւաբան Մելքոն Մեքոնեանի ձեռամբ։
Զգալիօրէն զգացուած Յովսէփ Պօյաճեան իր եւ կնոջ անունով յայտնեց, որ Հայ մշակութային հիմնարկութեան նեցուկ կանգնելու ամոլին կեցուածքը կը ծնի այն հաւատքէն, որ անիկա լաւագոյն միջոցն է ազգային նպատակները իրականացնելու եւ կրնայ լաւապէս պաշտպանել Հայկական Հարցը, արդարութիւն ապահովելու համար հայ ժողովուրդին։
Պօյաճեանները մեծարելէ առաջ, Իզմիրլեան եւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութեան անդամ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան բեմ հրաւիրեցին նաեւ ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, կազմակեպութեան երախտագիտութիւնը յայտնելով անոնց մատուցած սպասարկութիւններուն եւ աջակցութեանց, ոչ միայն Հայ մշակութային հիմնարկութեան, այլ նաեւ համայնքային շարք մը այլ կազմակերպութիւններու։ Այս առիթով, անոնց նուիրուեցաւ արուեստագէտ Վրէժ Թահմազեանէն ստեղծագործութիւն մը։ «Սիրելի Վարանդ եւ Հուրի, ձեր շարունակուող նուիրումը իւրայատուկ է», եզրակացուց Կիրակոսեան։
Նշենք, որ այս տարուան ճաշկերոյթին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Մելքոնեանները։
Մեծարումներէն առաջ արտասանած իր խօսքին մէջ, Իզմիրլեան անդրադարձաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան գործունէութեան, յոյժ կարեւոր նկատելով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքին կառուցումը Հայ կեդրոններու եւ Երիտասարդական կեդոններու, որոնց միջոցաւ կ՛իրականացուին կրթական, երիտասարդական, բարեգործական եւ մշակութային շարք մը ծրագիրներ։
Ան նաեւ յայտարարեց, որ անցեալ տարուան ձեռնարկին մեծարեալները՝ Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները այժմ մաս կը կազմեն Հայ մշակութային հիմնարկութեան «Հիմնադիրներու շրջանակ»ին, որուն միացած է նաեւ հանգուեցալ բարերար Յակոբ Պաղտասարեանի այրին՝ Հիլտան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պաղտասարեաններուն «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան» հիմնադրամը հաստատելու որոշումին համար։
Իզմիրլեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Չարլի եւ Ճուլի Կալեաններուն, Վահան եւ Արմինէ Կարպուշեաններուն, Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն (որոնք կը ներկայացնէին հանգուցեալ Յակոբ եւ Միրնա Շիրվանեանները), որոնք կը հանդիսանան Հայ մշակութային հիմնարկութեան «Հիմնադիրներու շրջանակ»ին հիմնադիրները։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեաններուն, Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններուն եւ Արա եւ Սիլվա Խաչիկեաններուն, որոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ անոր նախաձեռնութիւններուն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններուն, ինչպէս նաեւ Վաճէ եւ Էլենա Ֆերմանեաններուն, որոնք նիւթականին կողքին, այլ միջոցներով եւս կը սատարեն Հայ մշակութային հիմնարկութեան։
Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբին, որուն անդամներն էին՝ Փաթիլ Աբօշեան, Էլիզապէթ Պօյաճեան, Էնճըլօ Կալեան, Ճեք Հաճինեան, Վիգէն Յովսէփեան, Ճերար Գասապեան, Սեւակ Խաչատուրեան, Կարէն Կիրակոսեան եւ Նայիրի Թապաքեան։
Ձեռնարկին իւրայատուկ պահերէն մէկը հանդիսացաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի առաջնորդական ծառայութեան 25ամեակի նշումը:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան յիշեցուց, որ համայնքին մէջ կան անհատներ, որոնք իրենց անսակարկ նուիրումով մեծապէս նպաստած են համայնքին բարգաւաճման. անոնցմէ մէկը համարեց առաջնորդ սրբազան հայրը, դրուատելով վերջին 25 տարիներու անոր ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ բազմացած են շրջանի եկեղեցիները, բարելաւուած է կրթական համակարգը եւ բազմացած են հայերէնով հրատարակութիւնները։
Այնուհետեւ, Օհանեան բեմ հրաւիրեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը եւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութեան անդամ Կարօ Իսբենճեանը, որ առաջնորդին միասնաբար յանձնեն յուշանուէրը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ կատարած էր ձեռնարկին բացման աղօթքը, շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ դրուատեց համայնքը հզօրացնող Հայ մշակութային հիմնարկութեան ազգանուէր գործունէութիւնը։ Առաջնորդը բարձր գնահատեց հիմնարկութեան անխոնջ ճիգերը ի նպաստ Հայ Դատին, հայ ազգային իտէալներու հետապնդման ու ճանաչման գծով: Ան օրհնեց եւ գնահատեց հիմնարկութեան նուիրեալ անդամները իրենց հետեւողական ծառայութեան, ինչպէս նաեւ օրուան մեծարեալները իրենց բազմավաստակ ներդրումներուն՝ ի նպաստ թեմի եկեղեցիներուն, վարժարաններուն եւ համայնքի կազմակերպութիւններուն:
Տոքթ. Քարմէն Օհանեան նաեւ արտայայտուեցաւ ՀՅԴի գործունութեան մասին, շեշտելով յատկապէս հայրենի պետականութիւնը ամրապնդելու եւ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը, որուն համար ազգային ծրագիրի մը որդեգրումը կենսական նկատեց։
Ներկաները վայելեցին սիրուած երգիչ Յակոբ Փամպուքչեանի կատարումները, որոնց աւարտին եւ իբրեւ երախտագիտութիւն հայ երգին անոր տրամադրած տասնամեակներու սպասարկութեան, անոր յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ձեռամբ Հերի Որբերեանի։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեան, իսկ ՀԵԴի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողականին կողմէ խօսքեր արտասանեցին Միրնա Գասամանեան եւ Արամ Մանուկեան, ապա յաջորդեց քայլերգներու երգեցողութիւնը, կատարողութեամբ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աշակերտներ Լար Թապաքեանի, Իզապէլ Մեսրոպեանի, Նարէ Թարզեանի, Արենի Չալիքեանի եւ Մոնիք Մասայեանցի։ Աւելի ուշ աշակերտները հայրենասիրական քանի մը երգեր կատարեցին։ Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ նաեւ երգչուհի Արաքսիա Ամիրխանեան։