ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 16 Մարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել կու տայ, որ «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային վարակը չշրջանցեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ լրջագոյն մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կանգնեցնելով թէ՛ մեր ազգաբնակչութիւնը, թէ՛ մեր պետականութիւնը, եւ օժանդակելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ։
«Իրավիճակի ծանրութիւնը, մեր ազգային անվտանգութեանն ուղղուած սպառնալիքներն ու վտանգներն, աւելի քան երբեւէ, պահանջում են ներազգային միասնականութիւն եւ համախոհութիւն՝ համազգային ջանքերով յաղթահարելու եւ կանխելու վարակի հնարաւոր տարածումը, ինչպէս նաեւ դրա բացասական հետեւանքներն ու ազդեցութիւնը մեր ազգային հաւաքական շահերի վրայ:
«Գնահատելով ստեղծուած կացութիւնը՝ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը.
«Դիմում է մեր հայրենակիցներին՝ կոչ անելով զգօն լինել եւ չմատնուել խուճապի:
«Դիմում է ՀՀ կառավարութեան՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով իր համահայկական կառոյցի կազմակերպական եւ մասնագիտական ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով ներգրաւուելու ԱՐՏԱԿԱՐԳ իրավիճակով պայմանաւորուած աշխատանքներում եւ գործողութիւններում», կը նշուի Գերագոյն մարմինին հաղորդագրութեան մէջ։