ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ
Հիասթափութեամբ կարդացի 6 Մարտին, «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած «Համարձակւում Եմ Չհաւատալ Ձեր Անկեղծութեանը» յօդուածը՝ Արտաշէս Շահբազեանի ստորագրութեամբ («Դրօշակ» կայքի խմբագիր), ի պատասխան Ռազմիկ Շիրինեանի հրապարակած յօդուածին, որ լոյս տեսած էր 26 Փետրուարին, «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ: Վերնագիրը բաւական հրապուրիչ էր եւ հետաքրքրող:
Պէտք է խոստովանիմ, որ Շիրինեանին յօդուածը ուշադրութենէս վրիպած ըլլալուն, մինչեւ օրս զայն չեմ կարդացած, ուստի պարունակութեան պիտի չ՛անդրադառնամ. նոյնպէս պիտի չ՛անդրադառնամ Շահբազեանի յօդուածին բովանդակութեան, որ մասամբ հիմնուած է փաստացի իրականութիւններու վրայ եւ մասամբ ենթակայական կարծիքներու ու համոզումներու: Գրութեանս նպատակը այս բանավէճին մասնակցիլ չէ, ո՛չ ալ Ռազմիկներ պաշտպանել. այդ մէկը իրենց է որ կը վերաբերի եւ ոչ թէ ինծի: Այս տողերը գրելուս դրդապատճառը մտահոգութիւնս է, որ կը վերաբերի այդ յօդուածին բացասական, վիրաորական եւ ոչ շինիչ ոճին:
Վստահաբար բոլորս ալ կը գնահատենք մամլոյ կարեւորութիւնը՝ իբրեւ առողջ եւ շինիչ բանավէճերու եւ տարբեր միտքերու քննարկման դաշտ՝ այնքան ատեն որ այդ մէկը կ՛ըլլայ յարգալիր եւ դրական մթնոլորտի մէջ: Սակայն իսկապէս մտահոգիչ երեւոյթ է, երբ կը հանդիպինք այնպիսի գրութիւններու, մանաւանդ գրուած պատասխանատու դիրքեր գրաւող անհատներու գրիչով, որոնց մէջ անարգական եւ նուաստացուցիչ ոճով է որ կը քննադատեն տարբեր միտքերն ու համոզումները, եւ այն ալ՝ հրապարակաւ: Ահա այդպիսին է ինծի համար «Հայրենիք»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածը: Ինծի համար յստակ չէ, թէ ի՛նչ է անոր նպատակը. արդեօք ան կ՛ուզէ իր տարբեր համոզումով եւ դիրքորոշումով ընթերցողը ծանօթացնել մեր կազմակերպութեան գործելակերպին եւ իրագործումներուն, թէ կ՛ուզէ նուաստացնելով դաստիարակել իր ընկերոջը, եւ նոյնիսկ «չհաւատալ իր անկեղծութեանը», պարզապէս տարբեր տեսակէտներ եւ կարծիքներ ունենալուն համար:
Երանի յօդուածին ոճը ըլլար աւելի հանդուրժողական քան թէ հակաճառող: Ըլլար աւելի դաստիարակչական քան՝ նուաստացուցիչ: Ըլլար աւելի բացատրողական քան թէ քննախոյզ: Իսկ եթէ այդ մէկը կարելի չէր ընել եւ զսպել ինչ-ինչ պատճառներով կուտակուած ներքին զայրոյթ մը, երանի այսպիսի բանավէճերը տեղի ունենան ընկերային շրջանակներու մէջ եւ ոչ թէ հրապարակաւ: Արդեօք նկատի կ՛առնուի թէ այդ ոճը ինչ տպաւորութիւն պիտի ձգէ ընթերցող ընկերոջ մը, համակիրի մը կամ նաեւ հակառակորդի մը վրայ:
Ոճէն աւելի, սակայն, ոճին տեղի տուող անհաշտ եւ անհանդուրժող մտածելակերպը եւ ոչ համերաշխ մթնոլորտն է որ կը մտահոգէ եւ կ՛անհագստացնէ զիս: Չե՞նք խորհիր, թէ ժամանակն է, որ վերջ տանք զիրար անընդհատ քննադատելուն ու զիրար վշտացնելուն: Չե՞նք խորհիր որ ժամանակն է վերջ տալու ոչ շինիչ եւ սպառիչ այս իրավիճակին: Չե՞նք խորհիր, որ իբրեւ տարեց եւ փորձառու ընկերներ՝ յանձնառութիւն ունինք մեր օրինակով համերաշխութեան եւ հանդուրժողութեան ոգին սերմանելու մեր նոր սերունդին եւ նոր ընկերներուն սիրտերուն մէջ:
Մտահոգիչ է երեւոյթը բոլորիս համար:
Սքանչելի գրուածք կամ պատասխան այդպիսի անպէտ արտայատութիւններու: Մթնոլորտը իսկապէս մտահոգիչ է եւ պէտք է վերանայիլ ընդհանրապէս կուսակցութիւններու եւ համայնքներու մտածելակերպը ուղղելու եւ բարելաւելու մասին: Պէտք է վերանային կանոնագիրները եւ բարեփոխել որպէսզի աւելի ազատ եւ համարձակօրէն մարդիկ (կուսակցական եւ կամ անկուսակցական) արտայատուին: Վերջապէս, տակաւի՞ն կուզենք տասնը ութերրորդ դարու մտայնութեամբ շարունակել: