ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, 4 Մարտին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մեծ հանդիսութեամբ եւ համերգով արժանավայելօրէն տօնախմբուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին 90ամեակը։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց տօնախմբութեան, որուն ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Ազգային վարչութեան, ծխական շրջաններու, գաղութի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու անդամներ, Դպրեվանքի նախկին սաներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ։ Համերգը ներկայացուց հանրածանօթ թենոր եւ Դպրեվանքի շրջանաւարտ Գէորգ Հաճեան, որ Հայաստանէն հրաւիրուած էր յատուկ այս առիթով։
Յայտագիրը սկսաւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի խօսքով, որուն յաջորդեցին «Տէրունական աղօթք»ը եւ Դպրեվանքի քայլերգը։ Սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Դպրեվանքին պատմականը, թէ ինչպէ՛ս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը օրուան գահակալին՝ Սահակ Բ. Վշտակիր կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ երկար թափառումներէ ետք, վերջնականապէս հանգրուանեց Անթիլիաս, ուր 1930ին հիմը դրուեցաւ «ապագայ մարդակերտումի բնօրրանին՝ Դպրեվանքին»։ Ան նաեւ նշեց, որ Դպրեվանքը տուած է բազմաթիւ եկեղեցականներ եւ մտաւորականներ ու անոնց ծառայութիւնը ծլարձակուած է եւ այսօր ներկայութիւն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Ապա, խօսք առաւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան՝ «Դպրեվանքը կրթութեան կեդրոն» նիւթով. ան ընդգծեց, թէ Դպրեվանքը արդարօրէն հանդիսացաւ հոգեւոր կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան նուիրեալ դարբնոցներէն մէկը։ Ան շեշտեց, որ մարդակերտումի եւ հայակերտումի այս մկրտարանէն ու անոր գաղափարի հոգեւոր գուպարէն անցած իւրաքանչիւր դպրեվանեցի, իր էութեան մէջ անթեղուած պահեց, «կրօնի հուրն ու ազգին սէրը», եւ այդ գիտակցութեամբ ծառայեց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Սմբատ վրդ. Սապունճեան հանդէս եկաւ «Դպրեվանքը ընտանեկան օճախ» նիւթով։ Մէջբերելով Արամ Ա. կաթողիկոսին «Դպրեվանքը բաբախող սիրտն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան» խօսքը՝ ան շեշտեց, որ Դպրեվանքը լոկ ուսումնարանէ մը կամ դպրոցէ մը անդին եւ վեր մեր բոլորին տունն է եւ վկայեց, որ դպրեվանեցիք իրենց ծնողական տուները թողած՝ մօտեցան Դպրեվանքին, սիրեցին եւ մեծ ընտանիք մը կազմեցին։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Դպրեվանքը եղաւ այն փայլակի տեսքով հրեշտակը, որ հաւատացեալ հայ ազգին դժուարութիւնները, ցաւերը եւ վիշտերը աղօթքով փարատեց։
Հայր սուրբին խօսքէն ետք, խօսք արտասանեց Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, որուն նիւթն էր՝ «Դպրեվանքը աղօթքի տուն»։ Քահանայ հայրը օրինակներ բերաւ դպրեվանքեան աղօթական առօրեայ կեանքէն եւ ըսաւ, որ ամէն առաւօտ ժամերգութեան մասնակցելով, բակին մէջ ճեմելով, սեղանատան մէջ ճաշակելով, դասապահերէն առաջ աղօթելով, քնանալէ առաջ «Հրեշտակ Զուարթուն» երգելով դպրեվանեցին իր տան մէջ աղօթքը կ՛ապրի ու իր կեանքով զայն կը մարմնաւորէ։ Ան ընդգծեց, որ ժողովուրդէն եկած ու ժողովուրդին գացող դպրեվանեցիին համար ամէնէն կարեւորը աղօթքով առաքելութիւնն է, այնպիսի կեանք մը եւ ծառայութիւն մը, որ կ՛իմաստաւորուի աղօթքով ու իր նպատակը կը դառնայ Աստուծոյ վստահիլ եւ այդ կեանքին հրաւիրել հաւատացեալը։
Այնուհետեւ, Գէորգ Հաճեան իր դիւթիչ ձայնով հանդէս եկաւ փունջ մը հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգերով, նուագակցութեամբ Յովսէփ Թորոսեանի, որ մթնոլորտը աւելի եւս ջերմացուց եւ իմաստաւորեց՝ հմայելով ներկաները։
Առաջնորդը փոխանցեց օրհնութեան եւ փակման խօսքը։ Ան նախ գնահատեց օրուան բանախօսները, կազմակերպիչ յանձնախումբը, Հաճեանը եւ Թորոսեանը, ապա յուշեց, որ մեր մէջ երէց սերունդի շրջանաւարտ դպրեվանեցիներ կան, յանձինս Վաչէ (1944ի Դպրեվանքի սան) եւ Եփրեմ (1955ի Դպրեվանքի սան) սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ նախկին դպրեվանեցիներու։ Վերյիշելով դպրեվանքի ուսանողութեան իր օրերը՝ ան դիտել տուաւ. «Դպրեվանքը մեր գարուն տարիքէն սկսեալ մեր սիրտին ու հոգիին մէջ դրոշմեց անխորտակ նկարագիր եւ նուիրումի ոգի։ Անիկա ո՛չ միայն մեր պապակ հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ հոգեւոր ու ազգային լոյս եւ սնունդ ջամբեց, այլ մանաւանդ ամրապնդեց մեզ մեր հաւատքի կեանքին մէջ»։
Խօսելով Դպրեվանքի առաքելութեան մասին՝ ան ըսաւ. «Երբեմնի «Արմաշ»ի դպրեվանքի շառաւիղը հանդիսացող մեր Դպրեվանքը միտքը լուսաւորող ճառագայթ է, հոգին զուարթացնող մեղեդի է եւ սիրտը աշխուժացնող երանգ է։ Դպրեվանքը, հոգեմտաւոր լիցքաւորման այս շտեմարանը, իր սաներուն միջոցաւ կ՛ոռոգէ մեր ժողովուրդի անդաստանը՝ հոգեւոր, ազգային, եւ մշակութային կեանքին մէջ»։
Առաջնորդը երախտագիտութեամբ յիշեց բոլոր այն անմահանուն կաթողիկոսները, տեսուչները եւ ուսուցիչները, որոնք դպրեվանեցիներուն իրենց հոգիի, միտքի եւ սիրտի ծովացեալ աղբիւրներէն ջամբած են կեանքի նոր սնունդ։ Ան նաեւ բարձրօրէն դրուատեց Դպրեվանքի Սանուց միութիւնը, որ անցնող առաւել քան երկու տասնամեակներուն Դպրեվանքին նիւթաբարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած է, ամէն Հոկտեմբեր ամսուն նշած է «Դպրեվանքի օր»ը, որուն հասոյթը ամբողջապէս տրամադրած է Դպրեվանքին, ինչպէս նաեւ հանդիսաւորապէս տօնախմբած է Դպրեվանքի հիմնադրութեան 75րդ եւ 80րդ ամեակները՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին։ Սրբազանը բոլորին ուշադրութեան հրաւիրեց վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի իրավիճակը, որ առաւել պատճառ կու տայ, որ այս թեմէն եւս պատանիներ եւ երիտասարդներ Դպրեվանք յաճախեն, որպէսզի վերադառնան մեր ժողովուդին՝ իրենց ծառայութիւնը բերելով հոգեւոր եւ ազգային բնագաւառներուն մէջ։ Իր խօսքը ուղղելով բոլորին՝ ան կոչ ուղղեց զօրակցիլ Դպրեվանքին եւ զայն առաւել ծաղկեցնելու ուխտով՝ յանձնառու ըլլալ անոր վերելքին։
Տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց Գէորգ Հաճեանին յուշանուէրի յանձնելու արարողութիւնը։