ԵՐԵՒԱՆ, «Ապառաժ».- 8 Մարտին, ՀՄԸՄի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին համար յատկանշական էր, որովհետեւ Ստեփանակերտի մէջ, Բեկորի յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն։ Արցախի սկաուտներու երկրորդ խումբը յանձնեց նորագիրի քննութիւնը եւ նուիրական խոստումով դարձաւ երդուեալ սկաուտ:
Արարողութեան ներկայ էին ՀՄԸՄի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վրէժ Ասմարեան, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան, ՀՅԴի անդամներ, սկաուտներու ծնողներ եւ հիւրեր:
Ըստ Վրէժ Ասմարեանի՝ արցախցի երիտասարդները ոգեւորուած են սկաուտական գաղափարներով: Մասնաճիւղը լծուած է իր հիմնական նպատակին՝ կարգապահ, կազմակերպուած երիտասարդներու պատրաստութեան:
Ըստ ՀՄԸՄի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետին՝ կը նախատեսուի Արցախի մէջ կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ժամանակաւորապէս յետաձգուած են՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգին ու Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն պատճառաւ. այժմ ներքին կազմակերպական աշխատանքներ կը տարուին:
«Շատ անելիքներ ունենք, յատկապէս շրջաններում խմբերի ստեղծման աշխատանքների հետ կապուած: Մեր հիմնական ծրագրերը կ՛իրագործենք ամրան ընթացքում», դիտել տուաւ Վրէժ Ասմարեան: