ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան, «Դեմոկրատիան այսօր» հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ, 10 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Արցախի եւ Հայաստանի Տաւուշի մարզի խումբ մը երիտասարդներու հետ՝ կազմակերպութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի յատուկ զեկուցող Գիւլնարա Շահինեանի գլխաւորութեամբ: Այս լուրը հաղորդեցին Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն:
Ա. Բեգլարեան ներկայացուց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի լիազօրութիւնները, աշխատանքի հիմնական առանձնայատկութիւններն ու ուղղութիւնները: Ան շեշտեց, որ պաշտպանի հաստատութիւնը ձեւաւորուած է ու կը գործէ միջազգային յայտնի սկզբունքներուն համապատասխան‘ միեւնոյն ժամանակ առերեսուելով տարբեր ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու:
Պաշտպանը ընդգծեց, որ, թէեւ Արցախի Հանրապետութիւնը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է մարդու իրաւունքներու երաշխաւորման մէջ, սակայն առ այսօր կան շարք մը համակարգային խնդիրներ ու դժուարութիւններ այդ առումով: Ան դիտել տուաւ, որ այդ հարցերուն հիմնական մասին կարգաւորման համար անհրաժեշտ է Արցախի մէջ զարգացնել քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ նպաստել պետական մարմիններու կառուցային կարողութիւններու շարունակական բարելաւման:
Ա. Բեգլարեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեամբ եւ Արցախի միջազգային մեկուսացումով պայմանաւորուած մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ սահմանափակումներուն՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւնը սպառնալիք եւ խոչընդոտ է արցախցիներուն ոչ միայն կեանքի ու անվտանգութեան, այլ նաեւ՝ շարք մը այլ իրաւունքներու ու ազատութիւններու համար:
Պատասխանելով հանդիպման մասնակցողներէն մէկուն հարցումին՝ պաշտպանը նշեց, որ ընթացիկ պայմաններուն մէջ հակամարտութեան արդարացի կարգաւորման եւ տեւական խաղաղութեան միակ ճանապարհը հայոց պետականութեան շարունակական հզօրացումն է անվտանգութեան, ընկերային-տնտեսական եւ կառավարման առումներով: