
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 1991ին հիմնուած Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը (ՔՀԵՄ) կարեւոր մշակութային կեդրոն մը եղած է հայ համայնքին համար։ Իր անդամներուն եւ բարեկամներուն ժրաջան աշխատանքով ու աջակցութեամբ կարելի եղաւ միութեան կեդրոնին շէնքը եւ հողը սեփականացնել։
Սակայն, գործունէութեան ծաւալի աճը կը պարտադրէ միութեան բարելաւման գործը շարունակել եւ այսօր անիկա նոր մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուի ու լծուած է երկրորդ յարկ մը կառուցելու աշխատանքին, առաւել զարգացնելու համար միութեան մշակութային աշխատանքը։ Այս ծրագիրը բաւական մեծ գումարի կը կարօտի։
Ուրախ ենք եւ երախտապարտ միութեան անդամներ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, որոնք 100,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին միութեան, երկրորդ յարկի կառուցման գործը իրականացնելու համար, որ պիտի նպաստէ միութեան գործունէութեան զարգացման եւ առիթ պիտի ընծայէ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութեան՝ հայ մշակոյթի զարգացման ջանքերուն։
Միութեանս վարչութիւնը եւ անդամները մեծապէս շնորհակալ են տէր եւ տիկին Մելքոնեաններուն այս հսկայ նուիրատուութեան համար եւ կ՛աղօթեն, որ ամենակալ Տէրը երկար կեանք եւ առողջութիւն ընծայէ անոնց, որպէսզի շարունակեն իրենց ազգօգուտ առաքելութիւնը՝ օրինակ դառնալով բոլորին եւ պահելու ու զարգացնելու հայ մշակոյթը։
(Հաղորագրութիւնը՝
ՔՀԵՄի վարչութենէն)