ԵՐԵՒԱՆ, «Մամուլ».- 14 Ապրիլին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, դատաւոր Աւագ Գաբրիէլեանի նախագահութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴն՝ ընդդէմ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի գործով դատական առաջին նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Datalex տեղեկատուական համակարգը։
ՀՅԴի անդամներ Իշխան Սաղաթէլեան, Աշոտ Սիմոնեան, Սիմոն Սիմոնեան, Շաղիկ Մարուխեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Լիլիթ Գալստեան, Միքայէլ Մանուկեան, Արթուր Խաչատրեան, Յակոբ Մաթիլեան, Տարօն Տօնոյեան եւ Արծուիկ Մինասեան այս դատով կը պահանջեն, որ Ա. Բաբաջանեանի կողմէ Դաշնակցութեան հասցէին ուղղուած վիրաւորանքին համար հրապարակային ներողութիւն խնդրէ եւ փոխհատուցէ զրպարտութեան համար։
Փոխհատուցման չափը գնահատուեցաւ 1 դրամ:
Յիշեցնենք, որ Բաբաջանեան հրապարակային ելոյթներէն մէկուն ընթացքին խօսած էր ՀՅԴի մասին եւ զայն անուանած «ահաբեկչական անցեալով յայտնի ուժ»։