ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 59 տարեկանին մահացաւ յուշարձանագէտ, պատմաբան, բանահաւաք Սամուէլ Կարապետեան: Ան Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի երեւանեան գրասենեակի նախագահն էր: Հեղինակ է բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքերու եւ աշխատութիւններու: Երեք տասնամեակներու ընթացքին հետազօտած եւ ցուցակագրած է Պատմական Հայաստանի հայ ճարտարապետութեան հազարաւոր նմոյշներ: Հայկական յուշարձաններու ոչնչացման փաստերը Սամուէլ Կարապետեան 2007ին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին, իսկ 2008ին՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին:
Արժանացած է Հայաստանի նախագահի մրցանակին եւ Արցախի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին: Սամուէլ Կարապետեանի մահուան գոյժը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակեց պատմաբան Վահէ Լորենց: «Խօսքեր չեմ գտնում ասելու… եղբայր, ընկեր, հայ… Մա՛րդ… դառը, շատ դառը կորուստ գիտութեան համար, ազգի՛ համար, մարդկութեա՛ն համար… ճանաչածս ամենալուսաւոր, ամենաազնիւ, ամենաանաչառ մարդկանցից մէկը…», գրած է Լորենց:
Յուշարձանագէտին մահուան լուրը տարածեց նաեւ «Հայ կինոյի վերածնունդ» կազմակերպութիւնը. «Մահացել է հայ անուանի յուշարձանագէտ, պատմաբան, բանահաւաք Սամուէլ Կարապետեանը: Գիտութեանը եւ մշակոյթին նուիրեալ անհատականութիւն, որի թողած ուսումնասիրութիւններով ժառանգութիւնը դեռ սերունդներ է կրթելու: Իր գործին նուիրեալ եզակի տեսակով ազնիւ մարդ եւ մասնագէտ: Ցաւակցում ենք Կարապետեանների ընտանիքին եւ նրա մտերիմներին»։
Սամուէլ Կարապետեան ծնած է 30 Յուլիս 1961ին: Արմատներով Արճեշ գաւառի Բերդաղ գիւղէն է: 1978ին աւարտած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 դպրոցը։ 1975 թուականէն սկսած է ճամբորդել Խորհրդային Հայաստանի տարածքին՝ բնութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով, իսկ 1978էն սկսեալ լուսանկարած, չափած եւ նկարագրած է հայկական յուշարձանները ամբողջ Պատմական Հայաստանի տարածքին։