ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ, դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեանի նախագահութեամբ՝ դատաւորներ Կարէն Մարտանեան եւ Արմէն Պեկթաշեան կազմով մեկնարկեց «Առագաստ» սրճարանին մէջ Դաշնակցական Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան գործով դատախազութեան բողոքի քննութիւնը: Դատական նիստին ներկայ էր Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի թիկնազօրէն Աղամալ Յարութիւնեան, որ յայտնի է «Կուկու» ծածկանունով: Ան այդ գործով երկու տարուան պայմանական բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ անզգոյշաբար Պօղոսեանը սպաննած ըլլալուն պատճառով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.