ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Մարտ 1ի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մրցումին յաղթեց քանդակագործ Ալպերթ Վարդանեանի նախագիծը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Յովսէփ Կուբատեան:
Ըստ անոր՝ մրցումին մասնակցողներէն պահանջուած էր, որ յուշարձանի գաղափարական յօրինուածքը սահմանափակուի միայն նշմարուող մարմիններու ուրուագիծերու համադրութեամբ՝ բացառելով դիմանկարային նմանութիւնները: «Բացի այդ, այն պէտք է լինէր հարթաքանդակի տեսքով: Յուշարձանը տեղադրուելու է Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցի վրայ», գրած է ան:
Նոյեմբեր 2019ին, քաղաքապետարանը յուշարձանի բաց մրցում յայտարարեց՝ նշելով, որ յաղթողը 2 միլիոն դրամ պիտի ստանայ: