ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կորիզային անվտանգութեան կարգաւորողներու եւրոպական խումբը հրապարակեց «Գործընկերային վերանայման» վերաբերեալ զեկոյցը, որ իրականացած է Հայաստանի գործողութիւններու ազգային ծրագիրի հիման վրայ՝ իբրեւ Եւրոպական Միութեան «Սթրես թեսթըր»ի գործընթացի բաղադրիչ:
Գործընկերային վերանայումը կը կատարուի Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Միութեան ոչ-անդամ պետութիւնները ներկայացնող ինն փորձագէտներէ բաղկացած խումբի մը կողմէ, որուն կազմին մէջ ներառուած են նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի երկու ներկայացուցիչներ եւ չորս դիտորդներ: Այդ խումբը ողջունեց եւ գնատահեց վերանայման ընթացքին Կորիզային ոլորտը կարգաւորող հայաստանեան մարմինին, Կորիզային կարգաւորման պետական կոմիտէին եւ արտօնագրեալ մարմինին դրական, բաց ու թափանցիկ գործելակերպը եւ իրենց կողմէ ներկայացուած բոլոր մեկնաբանութիւններուն եւ հարցերուն լուծումներ գտնելու ձգտումը:
«Գործընկերային վերանայման» խումբը յայտնեց, որ Հայաստանի Գործողութիւններու ազգային ծրագիրի կառուցուածքը եւ բովանդակութիւնը համարժէք եւ բոլորովին համապատասխան է Եւրոպական Միութեան «Սթրես թեսթըր»ի պահանջներուն: Խումբը գնահատեց եւ ողջունեց 2016էն ի վեր կատարուած ամբողջ աշխատանքը եւ արտաքին վտանգաւոր ազդեցութենէն կայաններու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ձեռք բերուած յառաջընթացը:
Այդուհանդերձ, Մեծամօրի կորիզային կայանի «Սթրես թեսթըր»ի կիրարկման գործընթացէն բխող գործողութիւններու իրականացումը ապահովող անհրաժեշտ ֆիզիքական վիճակի բարելաւման համար տակաւին զգալի աշխատանք պէտք է կատարուի, մասնաւորապէս ստորերկրեայ ցնցումներէ պահպանման համար ամրութեան բարելաւման, կայանին գործարկումը դադրեցնելու իրավիճակի ընդհանուր հայեցակարգի եւ թեքնիք լուծումներու մշակման վերաբերող: «Գործընկերային վերանայման» խումբը առաջարկեց Կորիզային կարգաւորման պետական կոմիտէին դասակարգել Ազգային անվտանգութեան գործողութիւններու ծրագիրէն բխող անվտանգութեան բոլոր բարելաւումները՝ ըստ անվտանգութեան նշանակութեան եւ ապահովել անոնց իրականացումը՝ զանոնք դասակարգելով տուեալ ժամանակացոյցին համահունչ։ Այնուհետեւ, առաջարկուեցաւ մշակել համալիր ծրագիր մը՝ իրականացնելու Գործողութիւններու ազգային ծրագիրի «Սթրես թեսթըր»ի պահանջ հանդիսացող անվտանգութեան բարձրացման, անվտանգութեան մակարդակի շարունակական բարձրացման ուղղուած ծրագիրի եւ Հայկական կորիզային ելեկտրականութեան շահագործման ժամկէտի երկարաձգման պարունակին մէջ անհրաժեշտ միջոցառումներ: