ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, հասարակական, քաղաքական, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու գործիչներ ներկայ եղան Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, դերասան եւ բեմադրիչ Երուանդ Մանարեանի հոգեհանգիստի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ 21 Փետրուարին, Երեւանի Կոնդ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արա Խզմալեան ըսաւ, որ Երուանդ Մանարեան ամբողջ կեանքին ընթացքին ոչինչ խնդրած է, իր մասնագիտութիւնը վերածեց առաքելութեան, իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց իր գործին:
Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն Ռուբէն Բաբայեան շեշտեց, որ Մանարեան իր ուսուցիչն էր: «Մանարեանը երջանիկ մարդ էր եւ երջանկացնում էր բոլոր նրանց, ովքեր հաղորդակցւում էին նրա հետ: Աւելի ազատամիտ, ժամանակակից, դրական էներգետիկա (ներուժ-Խմբ.) փոխանցող մարդ դժուարութեամբ կը կարողանամ յիշել: Երուանդ Մանարեանի կեանքն ընտիր դասագիրք է բոլորիս համար», ընդգծեց Բաբայեան՝ շեշտելով, որ Մանարեան արուեստագէտի, մտաւորականի եւ քաղաքացիի փայլուն օրինակ էր:
Դերասան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Ներսիսեան իր կարգին յայտնեց, որ Երուանդ Մանարեան բարձր կը գնահատէր ժողովուրդը: «Նրա մահը մեծ կորուստ էր ժողովրդի, մշակոյթի, արուեստագէտների եւ բոլորիս համար: Մանարեանի ներկայութիւնը քաղաքում կարեւոր էր, եւ Մանարեանն այն բացառիկ արուեստագէտներից էր, որն ունէր ընդգծուած քաղաքացիական դիրքորոշում: Ան արեց ամէնը, որ իր գործը նշանաւորուի եւ արածը բարի խօսքով յիշեն», նկատել տուաւ Ներսիսեան: