ՆՈՒԱՐԴ ԳԱՐԱՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1938ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Նուարդ Գարայեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Կլետնէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Վահէ եւ Մարթա Գարայեան եւ զաւակները՝ Անդրանիկ եւ Նաթալի
Րաֆֆի եւ Օսան Գարայեան եւ դուստրը՝ Անի
Դուստրը՝ Մարալ եւ Օհան Օհանեան եւ զաւակները՝ Դալար եւ Շահան
Թոռը՝ Քրիսթինա եւ Գամեր Քէշիշի
Եղբայրները՝ Յակոբ եւ Էլօ Չէքիճեան եւ դուստրը՝ Ալիս
Գէորգ եւ Սուսիկ Չէքիճեան եւ զաւակը՝ Սեւակ
Եղբօր զաւակը՝ Դրօ եւ Սոնա Չէքիճեան եւ զաւակները
Եղբօր դուստրը՝ Սեդա եւ Մելիք Եանիքեան եւ զաւակները
Եւ համայն Գարայեան, Օհանեան, Չէքիճեան, Քէշիշի,
Տէր Մովսէսեան, Իսկէնեան, Մկրտիչեան, Տէմիրճեան,
Կիւլկիւլեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին կամ AYF-ի With Our Soldiers Fund-ին։