ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ բարերար Յարութիւն Այվազեան 300,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարեց եկեղեցւոյ իր հօր՝ Գրիգոր Այվազեանի յիշատակին։
Յարութիւն Այվազեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք եւ 1968ին հաստատուած է Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը։ Ան Փասատինայի Քաղաքային համալսարանին, ապա Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ մասնագիտացած է բնագիտութեան մարզին մէջ, սակայն աւելի ուշ նետուած է կալուածներու առուծախի ասպարէզին մէջ, յատկանշական յաջողութիւններու հասնելով:
Ըստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ հաղորդագրութեան՝ Յարութիւն Այվազեան նուիրատուութիւններ կատարած է նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին, Հայաստանի Որբերու եւ անկարողներու հիմնադրամին եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին։ Մեր կողմէ յիշեցնենք, որ անցեալ տարի ան նուիրատուութիւն մը կատարած էր նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան։
Նուիրատուին հետ խորհրդակցաբար՝ վերոյիշեալ գումարով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորանին որմնանկարները պիտի հարստացուին եւ եկեղեւոյ մուտքին պիտի պատրաստուի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքը» խճանկարը։ Նաեւ, Յարութիւն Այվազեանի անունով հիմնադրամ մը պիտի հաստատուի եկեղեցւոյ երիտասարդութեան կարիքներուն հասնելու նպատակով։