
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու դառնալու պայքար մղող գործարար Թամ Սթայըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս իր ընտրապայքարի բարձրաստիճան պաշտօններուն վրայ նշանակած է երկու հայեր։
Արդարեւ, Ռոստոմ Սարգիսեան նշանակուած է ընտրապայքարի Քալիֆորնիոյ գրասենեակի վարիչի տեղակալ, իսկ Արսինէ Սիւլէյմենեան՝ քաղաքական բաժանմունքի վարիչի տեղակալ։
Ռոստոմ Սարգիսեան առաւել քան տասնամեակ մը փորձառութիւնը ունի քաղաքական եւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութեանց համար արշաւներու եւ ծրագիրներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ պետական եւ լրատուական մարզերու յարաբերութեանց մէջ: Ան մասնակցած է 2004, 2008ի, 2012ի նախագահական ընտրապայքարներուն։ Սարգիսեան «Հարվըրտ» համալսարանէն մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է հանրային քաղաքականութեան ճիւղին մէջ։
Արսինէ Սիւլէյմենեան մօտաւորապէս տասնամեակի մը փորձառութիւնը ունի զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու եւ աշխատաւորական միութիւններու ի նպաստ ընտրապայքարներու մէջ։ Այդ կազմակերպութիւններուն շարքին են՝ Ամերիկեան քաղաքացիական իրաւանց միութիւնը եւ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու պաշտօնեաներու միութիւնը։