ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ իր հովանիին տակ գործող մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Լէօ Սարգիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրին եւ Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրին դիմելու ժամկէտը 30 Մարտն է։
Հայ երիտասարդներու մօտ ղեկավարման ձիրքերը զարգացնող այս ութ շաբաթեայ ծրագիրները պիտի իրականացուին 15 Յունիսէն 7 Օգոստոսի միջեւ։
Անոնց մասին մարամասնութիւններու եւ դիմումնագիրներու համար՝ այցելել https://anca.org/internship կայքէջը։
Նշեալներուն կողքին, Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեաններու անուան ծրագիրին մասնակցողներու պարագային դիմումներուն ժամկէտը 15 Մայիսն է։ Մանրամասնութիւններու եւ դիմումնագիրին համար՝ այցելել https://ancawr.org/fellowship կայքէջը։
Իսկ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի վարժողական ծրագիրներուն (ամառնային եւ աշնանային) մասին տեղեկութիւններու համար՝ այցելել https://ancawr.org/initiatives/anca-wr-internship-program կայքէջը։