ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի ղեկավարած «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւնը 31 Մարտին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն պիտի սատարէ արտաքին գործոց ներկայ նախարար Մասիս Մայիլեանին: Այս մասին կը նշուի կուսակցութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Սամուէլ Բաբայեան, հակառակ կազմակերպուած ստորագրահաւաքին, հնարաւորութիւն չէր ստացած Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու՝ մնայուն բնակութեան պահանջը չբաւարարելուն պատճառով: Անոր ղեկավարած քաղաքական ուժը պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութեան օրը՝ 31 Մարտին:
«Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան արտակարգ համագումարին Սամուէլ Բաբայեան յայտարարեց, որ քաղաքական ուժերուն հետ կը բանակցին‘ նպատակ ունենալով Արցախի մէջ գործող ուժերու համախմբումով յառաջ ընթանալ:
«Հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը‘ «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը որոշում է կայացրել սատարել նախագահի թեկնածութեան յայտ ներկայացրած գործիչներից Մասիս Մայիլեանին, ով եւս գիտակցում է պահի լրջութիւնն ու ճակատագրականութիւնը, մտահոգուած է միասնական հայրենիքի ճակատագրով:
«Մասիս Մայիլեանը սկզբունքօրէն ընդունում է կուսակցութեան ներկայացրած նախընտրական ծրագիրը եւ պատրաստ է նախագահի պաշտօնը ստանձնելուց յետոյ իրականացնել այն: Խօսքը երեք հիմնախնդրի մասին է. մարտունակ բանակի ստեղծում, տնտեսական լճացման յաղթահարում, սոցիալական խնդիրների լուծում», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: