
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 22 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Չեւի Չէյս Քաունթի Քլապ»ի սրահին մէջ (3067 E. Chevy Chase Dr., Glendale, CA 91206) տեղի պիտի ունենայ միջդպրոցական տարեկան չորրորդ ճարտասանական մրցումը:
Այս տարի եւս մրցումին պիտի մասնակցին ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանները, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանները:
Իւրաքանչիւր վարժարանէ երկու աշակերտ պիտի մասնակցի մրցումին. անոնցմէ մէկը իր ճառը պիտի արտասանէ հայերէնով, իսկ երկրորդը՝ անգլերէնով:
Ճարտասանութեան այս տարուան մրցումին դատակազմին մաս պիտի կազմեն՝ Էլինա Աբովեան (Լոս Անճելըսի KTLA 5 կայանի լուրերու հաղորդավար), Մհեր Պաղտասարեան («ՓանԱրմինիըն» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար եւ լրագրող), դոկտ. Փիթըր Քաուի (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի դասախօս), իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեան (Հայ Իրաւաբանական միութեան հիմնադիրներէն եւ երեք առիթներով անոր վարչութեան ատենապետ), դոկտ. Հրաչ Մարտիրոսեան (հայերէնի լեզուագէտ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի դասախօս) եւ Լոռի Թաթուլելան (հեղինակ եւ դերասան)։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան ճարտասանական մրցումի յանձնախումբին համաատենապետներ Լարա Պետրոսեան եւ Քրիսթինա Խեշուաճեան կը յայտնեն, թէ սոյն ձեռնարկին նպատակն է հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնել հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ՝ աւելցնելով, որ անիկա մէկ մասնիկն է աշխարհի տարածքին հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու Հայ Կրթական հիմնարկութեան առաքելութեան։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել
www.aefweb.org կայքը: