ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ռուսիա վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցած է 2016ի Ապրիլին տեղի ունեցած լայնածաւալ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու ջանքերուն մէջ, Երեքշաբթի, 11 Փետրուարին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ՝ «Ռուսիան Այսօր» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Ըստ «Թերթ»ին՝ փոխնախարարը աւելցուց ըսելով. «Ռուսիա միշտ աշխոյժ միջնորդական դեր ունեցած է Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Այս ձգձգուած հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ կողմերուն աջակցիլը մեր արտաքին քաղաքականութեան անվերապահ առաջնահերթութիւններէն է»:
Ռուս պաշտօնատարը նշեց, որ Արցախի հիմնահարցը կը շարունակէ գտնուիլ Ռուսիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին ուշադրութեան կեդրոնին:
Ան յիշեցուց, որ Ռուսիոյ անմիջական աջակցութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ է 1994ին կնքուած Հրադադարի մասին համաձայնագիրը, որ մինչեւ այսօր հրադադարի հիմքը կը հանդիսանայ:
«Մեր երկրին միջնորդական ջանքերու ճամբուն վրայ կարեւոր փուլ էր՝ ընդունումը 2008ի Մոսկուայի հռչակագիրին, որուն մէջ կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման մասին: Այս առաջին եւ առայժմ միակ փաստաթուղթն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ, որուն տակ կան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու ստորագրութիւնները: Ինչպէս գիտէք, Ռուսիա որոշիչ դեր խաղցաւ 2016ի լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու գործին մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սպայակոյտներուն պետերը Մոսկուա հրաւիրելով», եզրակացուց Անտրէյ Ռուտենքօ: