ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով 10 Փետրուարին, առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, որուն գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն անոր եղբայրը՝ Ալի պըն ալ Հիւսէյն, թագաւորին կրօնական ու մշակութային հարցերու խորհրդական եւ անձնական պատուիրակ Ղազի պըն Մոհամետ, Յորդանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու հարցերու նախարար Այման Սաֆատի, թագաւորին հաղորդակցութեան եւ համակարգման հարցերու խորհրդական Պիշեր ալ Խասաւնեհ, արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ մատակարարումներու նախարար Թարեք Համուրի:
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորուեցան Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը հանդիպում ունեցան Ապրիլ 2019ին, Հայաստանի նախագահին Յորդանան տուած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, երբ Սարգսեան Յորդանանի թագաւորը հրաւիրեց Հայաստան: