ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Կիրակի, 2 Փետրուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արարողութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը կատարեց օծումը «Վերջին Ընթրիք»ի սրբապատկերին, որ նուիրուած է Չուլույեան ընտանիքին կողմէ։ Պատարագ մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։
Քարոզէն առաջ, առաջնորդ սրբազանը «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ, թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. խորանը, ուր սկիզբ առաւ օծման արարողակարգը։ Սաղմոսներու ընթերցումով, աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ, առաջնորդը սրբալոյս Միւռոնով օծեց պատկերին ճակատը, աջ եւ ձախ կողմերը:
Օծման արարողութեան աւարտին, սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան նախ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Առաջաւորաց Պահքին՝ նշելով, որ այս պահքը իւրայատուկ է հայ եկեղեցւոյ եւ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, հայ ժողովուրդին քրիստոնէութեան դարձին առիթով։ Ապա, անցնելով օրուան Աւետարանական ընթերցումի խորհուրդին, որուն մէջ կը ներկայացուի Քրիստոսի՝ ծովուն վրայէն քալելու հրաշքը, առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ կեանքի ընթացքին բոլորս ալ անպայման կը հանդիպինք տագնապներու ու փորձութեանց, եւ շեշտեց որ Յիսուս Քրիստոս կատարեալ ապահովութիւն է կեանքի փոթորիկներուն մէջ։ Ան յորդորեց հաւատաեալներուն փորձութեանց ժամանակ չյուսահատիլ եւ չընկճուիլ, այլ ընդհակառակը՝ դիմել Աստուծոյ, որովհետեւ Ան միշտ մեր կողքին է այնպէս, ինչպէս բաց ծովուն մէջ առաքեալներուն հետ էր ընդմիշտ։