ԵՐԵՒԱՆ.- 7 Փետրուարին, Հայաստանի Գործատուներու հանրապետական միութեան եւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան արձանագրութիւնը։
Երկու կողմերուն միջեւ կատարուած միացեալ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ հիմնադրամը ձեռք բերած է համագործակցութեան յստակ պայմանաւորուածութիւններ, որոնց վերաբերեալ այս արձանագրութիւնը ստորագրուեցաւ։
Համագործակցութիւնը կը միտի գործատուներու եւ աշխատողներու‘ աշխատանքային իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, կողմերու կանոնադրութիւններուն համապատասխան եւ գործընկերային հիման վրայ միացեալ նախաձեռնութիւններու իրականացման:
Համագործակցութեան համար նախանշուած հիմնական ուղղութիւններն են՝
- «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ գործող աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակին միջոցով աշխատողներուն եւ գործատուներուն, ներառեալ՝ Հայաստանի Գործատուներու հանրապետական միութեան տարածքային եւ ճիւղային միութիւններէն ուղղորդուող, աշխատանքային օրէնսդրութեան պահանջներու կատարման վերաբերող մասնագիտական անվճար խորհրդատուութեան տրամադրում, աշխատողներու համար փաստաբանական անվճար ծառայութիւն աշխատանքային վէճերու գծով.
- Աշխատանքային հիմնական իրաւունքներուն մասին իրազեկում՝ գործատուներուն աշխատողներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն.
- Կողմերուն մասնագիտական կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով կարճաժամկէտ վերապատրաստութիւններու միացեալ կազմակերպում.
- Փոխադարձ աջակցութեամբ աշխատանքի ոլորտին մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան զարգացում եւ խորացում.
- Աշխատանքային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ իրաւակիրառական վարժութեամբ եւ մասնագիտական վերլուծութիւններով օրէնսդրական կարգաւորման հարցերու վերհանում, միացեալ լուծումների մշակում եւ քննարկումներու նախաձեռնում.
- Միացեալ աշխատանքներու, ստացուած արդիւնքներու եւ բացայայտուած հարցերու մասին հանրային իրազեկում.
- Հնարաւոր այլ ուղղութիւններ, զորս կողմերը կը գտնեն նպատակայարմար: