ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու Վիտալի Բալասանեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած է հարցում մը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ժընեւեան հանդիպման մասին։ Նշելով, որ հանդիպման ընթացքին «քննարկուել են Քաշաթաղի, Լաչինի շրջանի հարաւային մասում ադրբեջանցիների եւ հայերի համատեղ բնակավայրեր կառուցելու» եւ «այնտեղ խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու հարցը»՝ Բալասանեան հետաքրքրուած էր՝ արդեօք այդ հարցը ներառուա՞ծ էր ժընեւեան օրակարգին մէջ:
Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան հրապարակեց Բալասանեանին ուղարկած պատասխանը: «Եւս մէկ անգամ խստագոյնս հերքում ենք նմանօրինակ սին եւ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեցող ենթադրութիւնները: Մենք ուշադրութեամբ հետեւում ենք Արցախում մեկնարկած նախընտրական արշաւին: Յանուն մեր համազգային նպատակների եւ իղձերի, Արցախի ժողովրդի ընտրեալ ներկայացուցիչ լինելու համար պայքարում կոչ ենք անում Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շուրջ շահարկումները չդարձնել ներքաղաքական պայքարի գործիք եւ զերծ մնալ բացայայտ սուտ եւ սադրիչ տեղեկատուութիւն տարածելուց», Կը նշուի պատասխանին մէջ։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ եռօրեայ քննարկումներուն անդրադարձ կատարուած էր Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի, 2019ին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ քննարկուած առաջարկներու իրականացումը եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ հնարաւոր յաջորդ քայլերը, ապագայ կարգաւորման հիմք հանդիսացող սկզբունքները եւ տարրերը: Քննարկուած են նաեւ կարգաւորման գործընթացը յառաջ տանելուն վերաբերող ժամանակացոյցը եւ օրակարգը: