ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպեցաւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Ան կարեւոր նկատեց նորագոյն արհեստագիտութիւններու զարգացումը՝ նշելով, որ անհրաժեշտ է համատեղել բոլոր ջանքերը Հայաստանը դարձնելու ժամանակակից արհեստագիտութիւններու երկիր: Այս պարունակին մէջ ներկայացնելով Հայաստանի մէջ արհեստագիտութիւններու եւ գիտութեան զարգացման վերաբերող ATOM (Advanced Tomorrow) նախագահական նախաձեռնութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ երեք մասէ բաղկացած այս ծրագիրին նպատակն է Հայաստան բերել տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտական ոլորտին մէջ գործող յառաջատար ընկերութիւններ։ Ա. Սարգսեան տեղեկացուց, որ շուրջ երկու տասնեակ կազմակերպութիւններու հետ արդէն իսկ ձեռք բերուած է նախնական պայմանաւորուածութիւն:
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատեցին նախագահին հետ հանդիպումը, անոր աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ նոր արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացման եւ նշեցին, որ պատրաստ են համագործակցելու եւ հանդէս գալու առաջարկներով: