ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահ Տիգրան Մուկուչեան Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին, որ արդեօք քննարկա՞ծ են Սահմանադրական դատարանի նախագահին եւ անդամներուն պաշտօնավարումը դադրեցնելու հարցը հանրաքուէի դնելու Ազգային ժողովի որոշումը՝ Մուկուչեան ըսաւ, որ ընդհանուր հարցեր քննարկուեցան: «Օրէնսդրական հարցերի շուրջ ընդհանուր քննարկում էր», նշեց ան։
Տիգրան Մուկուչեան, հանրաքուէին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ յորդորեց սպասել, մինչեւ որ անիկա պաշտօնապէս ճշդուի: «Երբ կը նշանակուի հանրաքուէն, դրանից յետոյ կը սկսուեն ԿԸՅ գործառոյթները, այդ ժամանակ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը, ինչպէս միշտ, մանրակրկիտ պարզաբանումներ կը տայ բոլոր հարցերի վերաբերեալ», ըսաւ ան։