ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցող Միջազգային քրիստոնեայ կանանց Համաշխարհային աղօթքի օրուան 50րդ տարեդարձը այս տարի պիտի նշուի Լոս Անճեըսի Հայ Աւետարանական Միացեալ եկեղեցւոյ մէջ (3480 West Cahuenga Blvd., Los Angeles, CA 90068), Ուրբաթ, 6 Մարտին:
Օրուան յայտագիրը պիտի սկսի աղօթքներով, առաւօտուն ժամը 10:30ին, իսկ պաշտամունքը՝ ժամը 11ին: Անցեալ տարուան Համաշխարհային աղօթքի օրը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
Ինչպէս ամէն տարի, շրջանի եկեղեցիներու՝ առաքելական, աւետարանական, եղբայրութիւն, ժողովական, կաթողիկէ եւ նազովրեցի, տիկիններէ բաղկացած յանձնախումբ մը ծրագրած եւ պատրաստած է այս 50րդ Աղօթքի օրը: Երկու ներշնչող պատգամաբերներ՝ տոքթ. Ալինա Մկրտիչեան (հայերէն) եւ Սինթիա Քէթէնճեան (անգլերէն) պիտի խօսին օրուան բնաբանին մասին:
Յայտագիրին պիտի մասնակցին նաեւ տիկիններ շրջանի զանազան հայկական եկեղեցիներէ: Այս տարուան Աղօթքի օրուան համաշխարհային նիւթը ընտրուած է Զիմպապուէի կանանց կողմէ:
Կանանց համաշխարհային աղօթքի օրուան նպատակն է ցոյց տալ, թէ աղօթքն ու գործը անբաժանելի մասնիկներ են եւ երկուքն ալ ունին անչափելի ազդեցութիւն ամբողջ աշխարհի վրայ: Մարի Ակիւլեան համակարգողն է օրուան յայտագրին եւ սիրով կը հրաւիրէ բոլոր տիկինները ներկայ գտնուելու:
Պաշտամունքէն ետք պիտի մատուցուի Մեծ Պահքի թեթեւ ճաշ՝ նշելու համար Կանանց համաշխարհային աղօթքի օրուան 50րդ տարեդարձը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ:
(Հաղորդագրութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)