ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումին նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրութեան եւ արուեստի մրցումներ, որոնց կրնան մասնակցիլ Քալիֆորնիոյ բոլոր վարժարաններու 9էն 12րդ դասարաններու աշակերտներ:
Շարադրութիւնը պէտք է գրուի՝ իբրեւ դիմում Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող թանգարանի տնօրէնութեան, անոր մէջ ամերիկահայ յայտնի անձնաւորութիւններէն մէկը ներկայացնելու նպատակով:
Արուեստի այս տարուան մրցումին նիւթը՝ «Միջմարդկային յարաբերութիւններ»ն է:
Շարադրութիւնները կամ արուեստի ստեղծագործութիւնները պէտք է Հայկական օրէնսդրական համախմբումին յղուին մինչեւ 6 Ապրիլ՝ 1915essay@gmail.com հասցէով:
Մրցումներուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին 16 Ապրիլին եւ պիտի յանձնուին 27 Ապրիլին, Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Հայ Դատի ջատագովման նախաձեռնութեան ընթացքին:
Իւրաքանչիւր մրցումի առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 750 եւ 500 տոլար:
Մրցումներուն պայմաններուն մասին մանրամասնութիւններու համար՝ այցելել https://a46.asmdc.org/press-releases/20200131-california-legislators-announce-essay-and-visual-arts-scholarships-raise կայքէջը: