ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւան քաղաքի Կենտրոն վարչական շրջանի Լէոնիդ Ազգալդեան փողոցէն մինչեւ Կասկատ համալիր տանող ճամբուն Վերին Անտառային 19Ա հասցէէն մինչեւ Վերին Անտառային 122 հասցէն պիտի կոչուի Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Գոհար Գասպարեանի անունով՝ «Գոհար Գասպարեան փողոց»:
Երեւան քաղաքի աւագանին այս գծով որոշում պիտի տայ իր յաջորդ ժողովին՝ 11 Փետրուարին։