ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Պի. Էս.».- 3 Փետրուարին, մինչ Ծերակոյտը եռօրեայ դադարէ մը ետք վերսկսաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկութեան դատավարութեան, որ իր վերջին հանգրուանին մէջն է, գլխաւոր դատախազի պարտականութիւնը ստանձնած քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ խստօրէն քննադատեց հանրապետական այն ծերակուտականները, որոնք՝ ընդունելով հանդերձ, որ Թրամփ հակաօրինական քայլերու դիմած էր իր անձնական շահերը յառաջ տանելու համար եւ այդ մասին ամբողջական հետաքննութիւնը խոչընդոտած է, մերժեցին անոր յանցագործութիւններուն ականատեսները դատավարութեան կանչել՝ իրենց վկայութիւնը տալու համար։ Հանրապետականները նաեւ որոշեցին ծածուկ պահել բազմաթիւ փաստեր, տեղի տալով Սպիտակ տան ճնշումներուն, դատավարութեան արդարութիւնը լուրջ կասկածի տակ դնելով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Աֆէրի՛մ Շիֆ. կեցցե՛ս: