ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյան Տապան».- Սպանիոյ Օնթինեթ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը հաստատեց «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը՝ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ներկայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Միջնորդագիրը կարդաց իշխող կուսակցութեան խօսնակ Քեթի Ուշինա՝ նշելով Օնթինենթի կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կարեւորութիւնը: Քաղաքին իշխանութիւնը նաեւ կոչ ըրաւ Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կանոնաւորեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները:
Ցարդ սպանական առաւել քան 30 քաղաքներ եւ նահանգներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: