ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան ստացած է «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման տարրալուծարանային փորձարկիչներ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: Ըստ անոր՝ Ռուսիայէն տրամադրուած 200 փորձարկիչները շատ կարեւոր են հիւանդութեան կանխարգիլման եւ բուժման համար: Նախարարը տեղեկացուց, որ ցարդ հիւանդութեան բնորոշ ախտանշան ունեցող հիւանդներ չկան Հայաստանի մէջ, սակայն այս սարքերով կարելի պիտի ըլլայ կասկածելի պարագաներու տարրալուծական ստուգում կատարել:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մասնագէտները դիտել տուին, որ կատարուած քննութիւններուն 99 տոկոսը ճշգրիտ է։
Նախարարութենէն դիտել տուին, որ ժահրին Հայաստան մուտքը կանխելու նպատակով՝ դիմած են անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ սահմանը հատելու պահէն սկսած։ Անկախ ազգութենէ, բոլոր այն անձերը, որոնք կու գան Չինաստանէն, վերահսկողութեան տակ կը դրուին։ Տարրալուծարաններուն մէջ կատարուած հետազօտութիւնները կը համապատասխանեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան չափանիշներուն։