ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, յղում կատարելով Վիճակագրական կոմիտէին հրապարակած 2019ի տարեկան տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշին, որ եղած է 7.8 տոկոս, յայտնեց, որ տարուան կտրուածքով Համախառն ներքին արտադրութեան աճը պիտի ըլլայ 8 տոկոս:
Ըստ վարչապետին՝ այս ցուցանիշը բարձրագոյնն է 2011էն ի վեր։
Ըստ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշին՝ արդիւնաբերական արտադրութեան ծաւալը աւելցած է 9 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը՝ 4.6 տոկոսով, գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքին ծաւալը նուազած է 4.2 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը աւելցած է 8.9 տոկոսով, ծառայութիւններունը՝ 15 տոկոսով, ներմուծման աճը եղած է 10.8 տոկոս, իսկ արտածման ծաւալը աւելցած է 9.4 տոկոսով:
Փաշինեան այս տուեալներուն հիման վրայ, 2020ի համար համախառն ներքին արտադրութեան 8 տոկոս աճի իր յոյսը յայտնեց:
Ուշագրաւ է, որ Դեկտեմբեր 2019ին, նախորդ Դեկտեմբերին հետ բաղդատած՝ արձանագրուած է 10.7 տոկոսի տնտեսական աշխուժութեան աճ: