ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Կառավարութեան 30 Յունուարի նիստին հաւանութեան արժանացաւ որոշման նախագիծ մը, որմով կը նախատեսուի փոխադարձութեան սկզբունքին հիման վրայ‘ Սերպիոյ քաղաքացիներուն համար սահմանել առանց մուտքի վիզայի այցելութիւններու դրութիւն:
Արտաքին գործոց փոխնախարար Աւետ Ադոնց, ներկայացնելով նախագիծը՝ նշեց, որ 25 Հոկտեմբեր 2019ին Սերպիոյ կառավարութիւնը որոշում տուաւ վերցնելու սովորական անձնագիրներ ունեցող Հայաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի պահանջը: Որոշումը ուժի մէջ մտաւ 2 Նոյեմբերին:
Իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի քաղաքացիները կրնան Սերպիոյ մէջ առանց մուտքի արտօնագիրի պահանջի մնալ առաւելագոյնը 90 օր ժամկէտով՝ 180 օրուան ընթացքին:
Փոխնախարարը նշեց, որ մեկնելով փոխադարձութեան սկզբունքէն՝ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է Սերպիոյ քաղաքացիները եւս զերծ պահելու Հայաստան մուտքի վիզայի պահանջէն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց որոշման նախագիծին ընդունումը եւ նշեց, որ անիկա կարելիութիւն պիտի տայ ուղիղ թռիչքներ իրականացնելու Երեւանէն Պելկրատ եւ այլ քաղաքներ: «Ընդհանրապէս այս միտումը՝ տարբեր երկրների հետ վերացնել վիզային ռեժիմը (դրութիւնը-Խմբ.), կարծում եմ, որ շատ կարեւոր ուղղութիւն է արտաքին քաղաքականութեան համար», յայտնեց վարչապետը:
Աւետ Ադոնց յայտնեց, որ Հայաստան վեց տասնեակէ աւելի երկիրներու հետ ունի առանց վիզայի մուտքի դրութիւն։