ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Տեղէն շարժելու մեծ յոյսեր չունեղոց ինքնաշարժ մը՝ իբրեւ նորագոյն արտադրութիւն վաճառելու փորձերուն կը նմանի «Դարու գործարք»ը միջազգային հանրութեան ծախելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փորձը։ Իբրեւ պաղեստինեան հարցին լաւագոյն լուծումը ծանուցուող այս ծրագիրը իրականութեան մէջ ծնունդ առած է ոչ թէ անիրաւուած պաղեստինցիներուն արդար հատուցում ապահովելու մտահոգութիւններէն, այլ՝ Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի ներքին տագնապներէն։
Ամէն գնով վերընտրուելու եւ ուշադրութիւնը զինք պաշտօնազրկելու Ծերակոյտի դատավարութենէն շեղելու պայքար տանող Թրամփ այս անգամ օգնական մը գտած է իրեն նման զեղծարարութիւններով ամբաստանուող այլ ղեկավարի մը՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մէջ, որ իր կարգին կը յուսայ հրեաներու եւ ամերիկացիներու հեղինակած եւ պաղեստինեան դատը վերջնականապէս թաղելու նպատակ ունեցող այս համաձայնութիւնը շահագործել, անգամ մը եւս իշխանութեան հասնելու իր ջանքերուն մէջ։
Մեծ բան կարելի չէ ակնկալել 28 Յունուարին հարպարկուած եւ Թրամփի բնուդագրումով՝ «հոյակապ» այս գործարքէն, պարզապէս որովհետեւ հոն նկատի չեն առնուած անոր գլխաւոր երկու կողմերէն մէկուն՝ Պաղեստինեան իշխանութեան ոչ միայն շահերը, այլ նոյնիսկ՝ կարծիքները։ Անիկա պարզապէս Իսրայէլի բռնագրաւումը արդարացնելու սին փորձ մըն է, որ դատապարտուած է իր սաղմին մէջ մահանալու, քարոզչական աղմուկին անհետացումին հետ։
Յատկանշական է, որ հակառակ ապակողմնորոշող այս ջանքին, Ուաշինկթընի մէջ կան կողմեր, որոնք կը շարունակեն շեշտը դնել բանակցութեան ճամբով համաձայնութեան մը վրայ, որ առնուազն մասնակիօրէն արդար լուծում մը կրնայ բերել պաղեստինեան հարցին։ Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերուն ատենապետները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յորդորեցին Թրամփը՝ վերականգնելու երկու կողմերը բանակցութեանց սեղան վերադարձնելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:
Առայժմ՝ Մարոքքօ, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ զօրակցութիւն յայտարարած են Թրամփի «Դարու Գործարք»ին: