ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 25 Յունուարին, կ.ե. ժամը 1:30էն 3:30ի միջեւ, Կլենտէյլի «Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut St., Glendale, CA 91204) տեղի պիտի ունենայ աշակերտական տարեկան գիտական մրցանքին մասնակցիլ փափաքողներուն յատուկ աշխատանիստը։
Աշխատանիստին ընթացքին, 6էն 12րդ դասարանի աշակերտները առիթը պիտի ունենան ցուցմունքներ ստանալու համալսարանական ուսանողներէ, լաւապէս պատրաստուելու համար մրցանքին։