ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 22էն 23 Յունուար, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոք պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան: 23 Յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ, որոնք անկէ ետք տուին մամլոյ ասուլիս մը։
Զ. Մնացականեան նշեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր ասիկա Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարի մը առաջին այցելութիւնն է Հայաստան:
«Պարոն Բլոկը Հայաստան է ժամանել Նիդերլանդների դեսպանութեան մօտալուտ բացման եւ այս տարի ՀՀ վարչապետի՝ Նիդերլանդներ կատարելիք այցին ընդառաջ: Այս զարգացումները վկայում են, որ հայ-նիդերլանդական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը նոր թափ են ստացել Հայաստանում տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւններից յետոյ», յայտնեց նախարարը:
Ըստ անոր՝ կը զարգանան քաղաքական եւ տնտեսական կապերը, որոնք այս տարի աւելցած են շուրջ 9.2 տոկոսով: Մնացականեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութիւնները եւ դարաւոր մշակոյթը հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ, եւ 23 տոկոսով աւելցած է Հոլանտայէն Հայաստան այցելողներուն թիւը։
Կարեւոր նկատուեցան նաեւ խորհրդարաններուն միջեւ կապերը, տնտեսական ոլորտին մէջ մեծ ներուժի օգտագործումը, ապօրինի գաղթականութեան ոլորտին մէջ հայ-հոլանտական նշանակալի համագործակցութիւնը:
Զ. Մնացականեան նշեց, որ այս յարաբերութիւնները կարեւոր են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հարթակին վրայ, եւ այս առումով նախորդ տարեվերջին Հոլանտայի կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրին վաւերացումը: Ան խօսեցաւ նաեւ մշակութային երկկողմ կապերու զարգացման մասին, որուն ապացոյցներէն է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու թարգմանութիւնը։
2 պետութիւները ունին նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցելու հարուստ փորձառութիւն: Կայ ներուժ արդարադատութեան, գիտութեան եւկրթութեան ոլորտներուն մէջ, մտադրութիւն կայ նաեւ ներառել բնապահպանութիւնը:
Զօհրապ Մնացականեան դիտել տուաւ, որ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին։ «Գործընկերոջս տեղեկացրի խաղաղ գործընթացի շուրջ վերջին զարգացումների մասին: Այս համատեքստում ցանկանում եմ կարեւորել ԵՄի առաջատար երկրներից մէկի՝ Նիդերլանդների հաւասարակշռուած դիրքորոշումը՝ յաջակցութիւն ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափում հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծմանը», ըսաւ ան։
Սթեֆ Պլոք ըսաւ, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններով, յատկապէս օրէնքի գերակայութեամբ եւ փտածութեան դէմ պայքարով ու ընդգծեց, որ իրենք դաշնակից պիտի ըլլան այս յաւակնոտ բարեփոխումներուն: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը կ՛ուզէ խորացնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ Երեւանի մէջ դեսպանատուն բանալ, որ առանցքային քայլ է՝ յարաբերութիւնները ամրապմդելու համար։
Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Արեւելեան գործընկերութեան՝ նշելով, որ վերջին 10 տարիներուն այս գործընկերութիւնը ապացուցած է իր յաջողութիւնը, Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանը դարձած է Եւրոպական Միութեան համար առեւտրական գործընկեր: Հայաստանի համար կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրին իրականացումը:
Ան նշեց, որ տնտեսական համագործակցութեան հնարաւոր ոլորտներ են՝ բարձր արհեստագիտութիւնը, որ Հայաստանի մէջ զարգացած է, գիւղատնտեսութիւնը, օրինակ ջերմոցներու զարգացումը, ջուրի մշակումը, սերմերու վերամշակումը եւ այլն:
Հայաստանի համար Եւրոպական Միութիւն մուտքի վիզաներու ազատականացման հարցին գծով Պլոք նշեց, որ ասիկա եւրոպական գործընթաց է եւ Եւրոպական յանձնաժողովը պէտք է գնահատէ Հայաստանի մէջ եղած յառաջընթացը՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը նկատի պիտի առնէ այդ ուսումնասիրութեան արդիւնքները։
Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոք Հայաստան տուած իր այցելութեան ծիրին մէջ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը՝ Ծիծեռնակաբերդ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց նահատակներու յիշատակին։
Ան նաեւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը եւ ծանօթացաւ ներկայացուած փաստերուն։