ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, կը տեղեկացնէ խորհուրդին համանախագահ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
Այս տարի հայ համայնքին տարեկան ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ 29 Յունուարին: Մուրատ Փափազեան տեղեկացուց, որ ձեռնարկին պատուոյ հիւրն է յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ:
Կ՛ակնկալուի, որ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ ելոյթ մը ունենայ ընթրիքին ընթացքին: