ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ 17 Յունուարին, նշելով, որ իր ներկայացուցած քաղաքական ուժին կողմէ երկրին արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ կատարուած առաջարկները միշտ մերժուած են իշխանութիւններուն կողմէ։
Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը իշխանութիւններուն առաջարկած է Սուրիոյ հարցին համար լուծումներ գտնելու նպատակով՝ Թուրքիոյ մէջ միջազգային վեհաժողով հրաւիրել: Առաջարկը մերժուած էր Անգարայի կողմէ, սակայն աւելի ուշ նման հանդիպում մը կազմակերպուած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով՝ Ասթանայի մէջ:
«Առաջարկեցինք ստանձնել Լիպիոյ մէջ երկու կողմերը հաշտեցնողի դերը, սակայն մեզի ըսին. «Ոչ. մենք պիտի բանակցինք միայն ՄԱԿի կողմէ ճանաչուած օրինական կառավարութեան հետ»: Ապա, Փութին հրաւիրեց, եւ կողմերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստան: Ուրեմն, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը ո՞վ կը սահմանէ՝ Փութինը», յայտարարեց ան։