ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ ապատեղեկատուութիւն տարածելով, անգամ մը եւս խեղաթիւրած են Եւրոպական խորհրդարանի «Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրականացման զեկոյց»ին բովանդակութիւնը՝ պնդելով, որ հոն տեղ գտած է «Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւում» եզրը, ինչ որ ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան։
«Այս մասին նշող ատրպէյճանական կայքին յօդուածը ապատեղեկատուութիւն տարածելու կը ծառայէ, ասիկա Ատրպէյճանի պետական քարոզչութիւնն է», դիտել տուաւ Յ. Շիրինեան՝ բացատրելով, որ իրականութեան մէջ Եւրոպական խորհրդարանը քուէարկած եւ ընդունած է երեք տարբեր զեկոյցներ, որոնցմէ ոչ մէկուն մէջ կը նշուի այն, որուն կ՛ակնարկեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ իբր թէ Արցախը կը ներկայացուի իբրեւ «գրաւեալ տարածք»: Այդ բանաձեւերուն մէջ Արցախի մասին ընդհարապէս որեւէ խօսք չկայ, առաջին զեկոյցին նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի այլ բանաձեւի, ուր արցախեան տագնապի լուծման պարունակին մէջ կը յիշատակուի ինքնորոշման իրաւունքը՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի երեք հիմնարար սկզբունքներէն մէկը եւ ԵՄի ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնուի Մինսկի խումբին: Նոյն յղումը կայ նաեւ երկրորդ զեկոյցին մէջ, սակայն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները ակնյայտօրէն կը ծածկեն զայն:
Պատասխանելով «Արմէփրէս»ի այն հարցումին, որ՝ տագնապի խաղաղ լուծման առումով Եւրոպական Միութիւնը ընելիք կրնա՞յ ունենալ՝ Յարութ Շիրինեան ըսաւ, որ Միութիւնը հակամարտութեան կողմերուն միջեւ միջնորդ չէ, սակայն անիկա պարբերաբար իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբին, համանախագահութեան եւ Հելսինկեան եզրափակիչ որոշումին երեք հիմնարար ակզբունքներուն:
«Ղարաբաղեան տագնապը անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարց է, ուրեմն Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նպատակներէն է Եւրոպայի մէջ իրազեկման աշխատանք տանիլ Ատրպէյճանի մէջ ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան մասին: Այդ նպատակով, Մարտ 2019ին, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը Եւրոպական խոր-հրդարանին մէջ հայատեացութեան վերաբերեալ խորհրդաժողով կազմակերպեց: Ասիկա առաջին անգամն էր, որ այս թեման քննարկման գլխաւոր առակայ կը դառնայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ», դիտել տուաւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատուն։
Ըստ Շիրինեանի՝ խորհրդաժողովին հիմնական եզրակացութիւններէն մէկը այն էր, որ հայերուն ջարդերը Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան ողբերգական հետեւանք էին: «Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հակահայկական տրամադրութիւն տարածել հասարակութեան մէջ, որ այլատեացութեան դրսեւորում է, եւ որ պէտք է դատապարտուի Եւրոպական Միութեան կողմէ: Նաեւ, այսպէս միութիւնը կրնայ ներդրում ունենալ հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ», յայտնեց ան:
«Մենք համոզուած ենք, որ Արցախը չի կրնար Ատրպէյճանին մաս կազմել, որովհետեւ այդ Արցախի ժողովուրդին համար գոյութեան վտանգ կը ներկայացնէ: Պատմութիւնը մեզի ասիկա ապացուցած է: Եւ այժմ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը յարգէ Արցախի անկախ ըլլալու որոշումը։ Որովհետեւ յիշատակեցի Պաքուի հայերուն ջարդերը, ըսեմ նաեւ, որ մենք շատ շուտով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կը պատրաստուինք այս թեմայով խորհրդաժողով կազմակերպել», եզրափակեց Յարութ Շիրինեան։
You are not indicating if anyone would or has withdrawn European Counsel’s attention on the abadeghegadououtioun by Azerbaijan. Do it!