ԵՐԵՒԱՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Հայաստանի մէջ, 2018ին, իշխանութեան եկած ուժերը յայտարարեցին յաւակնոտ բարեփոխումներու օրակարգ մը՝ տնտեսական, ընկերային եւ դատական ոլորտներուն մէջ, կը նշուի անուանի իրաւապաշտպան՝ Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch) կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցին մէջ։ Անոր մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ մարդկային իրաւունքներու ոլորտին վերաբերող որոշ հարցեր կը յամենան Հայաստանի մէջ:
Կազմակերպութեան «2020 Համաշխարհային զեկոյց»ին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի հարցերը գլխաւորաբար կը վերաբերին ընտանեկան բռնութիւններուն եւ սեռային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ բռնութեան: 2019ի առաջին կիսամեակին միայն, իրաւապահները Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութիւններու վերաբերող 331 հարցեր հետապնդած են: Միասեռականներու նկատմամբ Հայաստանի մէջ բռնութիւններու դէպքերը աւելի դժուար է հաշուել, որովհետեւ յաճախ հանրային ճնշումներու պատճառով, տուժողները իրենց հարցերը ոստիկանութեան չեն փոխանցեր:
Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Ըստ իրաւապաշտպաններուն գնահատման՝ այդ երկրի իշխանութիւնները խիստ վերահսկողութեան տակ կը պահեն հասարակութիւնը, կը նուազեցնեն քաղաքացիներու ազատութիւնները եւ իրաւունքները ու կը բացառեն մամուլի ազատութեան որեւէ արտայայտութիւն:
Վրաստանի մէջ իշխանութիւնները 2019ին չարդարացուած բռնութիւն գործադրած են ամրան խաղաղ ցոյցերը ցրուելու նպատակով, իսկ «Ռուսթաւի 2» կայանին դէմ ճնշումները հարուած հասցուցած են երկրին մէջ ազատ խօսքի իրաւունքին:
Ըստ կազմակերպութեան գնահատման՝ անցեալ տարուան ընթացքին մարդկային իրաւունքներուն վերաբերող իրավիճակը կտրուկ կերպով վատթարացած է նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ: Կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ նախագահը երկրին իշխանութեան բոլոր ճիւղերը իր հսկողութեան տակ առած է, իսկ Իրանի մէջ պատահած են ցուցարարներու նկատմամբ բռնութիւններու բազմաթիւ դէպքեր: