ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած Էլեն Ասատրեանի ընտրապայքարին։
Նշենք, որ համայնքային եւ քաղաքացիական իրաւանց գործիչը իր թեկնածութիւնը դրած է, ներկայացնելու համար 43րդ ընտրատարածքը։ Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 3 Մարտին։
«Վստահ ենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախկին գործադիր վարիչը պիտի շարունակէ յառաջ մղել ամերիկահայութեան շահերը», նշուած է Հայ Դատի յանձնախումբին յայտարարութեան մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչի պաշտօնը վարած շրջանին, Ասատրեան յառաջ մղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու շրջանին 19 նահագներուն կողմէ եւ հանրային վարժարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդման ընդարձակման ծրագիրը։ Ան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հայութեան ինքնորոշման ի նպաստ տարած էր աշխատանք, որուն շնորհիւ ան մեծարուած էր Ստեփանակերտի իշխանութեանց կողմէ՝ ստանալով «Երախտագիտիութեան» շքանշանը։
Ասատրեան դպրոցական տարիներէն ի վեր աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է քաղաքացիական կեանքին, դէմ դնելով խտրականական օրէնքներու՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով զանազան յանձնախումբերու եւ մարմիններու մէջ։
Ասատրեան եղած է Կլենտէյլ քաղաքի Զբօսավայրերու, ժամանցի եւ համայնքային սպասարկութիւններու յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ, ու նոյն քաղաքին այլ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի ընտրողներ արձանագրելու պարտականութիւն ունեցող յանձնախումբին։ Ան մասնակցած է Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան վերաբերող շարք մը քաղաքական ընտրապայքարներու եւ ժողովրդային արշաւներու, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Ան անդամակցած է եւ կը շարունակէ անդամակցիլ համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց եւ եղած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչը:
Ասատրեան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր մասնագիտացած է քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ:
Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն մեծագոյն մարմինն է Միացեալ Նահանգերու մէջ եւ կը ներկայացնէ մօտաւորապէս 2.7 միլիոն դեմոկրատներ։
Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.electelen.com կայքը։