ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Յարատեւող ճիգին առջեւ
Չկայ բան մը որ դիմանայ,
Դժուարը դիւրին,
Անկարելին հնարաւոր
կը դառնայ:
ՌԷԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի մեծախորհուրդ եւ սքանչելի ծն-նդեան տօներուն առիթով, Շաբաթ, 21 Դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Կլենտէյլի արուեստի վեհաշուք կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս վարժարանի աւանդական ճոխ եւ խորիմաստ հանդէսը:
Այդ օր, դպրոցի ծնողներէ, հիւրերէ, շրջանաւարտներէ, սաներէ եւ անցեալի ուսուցիչներէ բաղկացած յորդահոս բազմութիւնը ողողած էր շատ գեղեցկօրէն զարդարուած սրահը:
Սրահին մուտքին դրուած էր մեծ, պէսպէսուն զարդերով ակնահաճոյ տօնական ծառ մը, իսկ ներսը՝ բեմին վրայ, դարձեալ զարդարուած եւ տօնական զարդերով եւ Յիսուսի ծննդեան մսուրը ներկայացնող նորածինի սնարը դրուած էր:
Ձեռնարկը իր օրհնաբեր հովանաւորութեամբ կը պատուէր Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, զոր կը ներկայացնէին թեմի Շաբաթօրեայ վարժարաններու մարմինի նախագահ, մեծավաստակ կրթական մշակ դոկտ. Էլլի Անդրէասեան եւ նոյն մարմինի անդամ Հուրի Քէջումեան:
Դպրոցի կամաւոր եւ թանկագին ուսուցչուհիները, գլխաւորութեամբ համակ նուիրում ու ժրաջան տնօրէնուհի Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանի, մեծ ճիգ եւ աշխատանք տարած էին այս հանդէսով, ներկաներուն անմոռանալի եւ յիշարժան պահեր պարգեւելու համար:
Տնօրէնուհին բացման ջերմ եւ սիրալիր խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հօր ներկայացուցիչները իրենց սրտի խօսքերով սկսելու համար հանդէսը:
Դոկտ. Անդրէասեան փոխանցեց առաջնորդին օրհնութիւնները բոլոր ներկայ ծնողներուն, աշակերտներուն եւ դպրոցի պատասխանատուներուն: Ան մեծապէս գնահատեց դպրոցին պատասխանատուները, աշակերտութիւնը, անոնց ծնողները եւ Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան ղեկավարները, որ 40 տարի անդադար կը տանին հայապահպանման այս սուրբ գործը: Նմանապէս, Հուրի Քէջումեան, շնորհաւորելով դպրոցին ուսուցչուհիները, տնօրէնութիւնը եւ պատասխանատուները այս կրթական աշխատանքը տանելու համար, իր հերթին բոլոր ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը շնորհաւորեց:
Պաշտօնական այս խօսքերէն ետք սկսան աշակերտներու կատարումները:
90 աշակերտ-աշակերտուհիներ, երկու խումբերու բաժնուած, իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ եւ գեղարուեստական բաժինի պատասխանտու Մարիէթա Անասեանի ղեկավարութեամբ, 36 համարներէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին, արժանանալով ներկաներուն որոտընդոստ եւ ջերմ ծափահարութիւններուն:
Արդարեւ, խօսք եւ բառ չունինք՝ նկարագրելու համար այս համով-հոտով փոքրիկներուն կատարումները, որոնք ներկայ եղող չափահասներուն անխառն ուրախութիւն պարգեւեցին:
Պատկերացուցէք օտար ափերու վրայ ծնած, ամերիկեան դպրոց յաճախած 4-14 տարեկան այս փոքրիկները, այդ օր շուրջ 10 հայկական երգ երգեցին, անոնցմէ ոմանք Մարիէթա Անասեանի յօրինած երգերն են, իսկ այս փոքրիկները այդ օր արտասանեցին Շիրազէն, Պարոյր Սեւակէն, Համօ Սահեանէն, Աթաբեկ Խնկոյեանէն, Վահան Թէքէեանէն, Մուշեղ Իշխանէն, Ռազմիկ Դաւոյեանէն, ինչպէս նաեւ Նոր Տարուան, հայրենիքի, հայ մշակոյթի եւ հայ լեզուի նուիրուած կտորներ արտասանեցին, արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափահարութեան:
Վերջաւորութեան, խօսք առաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան: Ան սրտանց շնորհաւորեց դպրոցին տնօրէնուհին՝ Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանը եւ թանկագին բոլոր ուսուցչական կազմը, այս հոյակապ աշխատանքին համար։ Արդարեւ, անոնք միայն 10 շաբթուան ընթացքին կրցած էին գրել, կարդալ սորվեցնելու կողքին, այսքան երգ եւ արտասանութիւններ սորվեցնել:
Ապա սրահը թնդացնող տօնական երգերով, պարով, ծափերով, նուագով եւ բացագանչութիւններով մուտք գործեց Կաղանդ պապան (Ձմեռ պապիկը), իսկ առաստաղէն ձիւնաթերթիկներու հեղեղ մը իջաւ: Ձմեռ պապիկը իր գեղեցիկ նուէրները տալէ առաջ, պահ մը լսեց փոքրիկներուն երգերն ու արտասանութիւնները, որոնք խորապէս գոհ ձգեցին զինք:
Ձմեռ պապիկին հետ ժողովուրդը հայկական պարեղանակներու եւ երգերու խանդավառ կշռոյթներով շուրջ կէս ժամ պարելէ ետք, բոլոր աշակերտները եւ ծնողները սրահէն դուրս ելան Ձմեռ պապիկին հետ նկարուելու համար:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս վարժարանին բոլոր պատասխանատուները այս յիշարժան եւ անմոռանալի ձեռնարկին համար, բոլորին ըսելով՝ «ձեր վարձքը կատար»:
Գիտէ՞ք ինչո՛ւ «խօսք եւ բառ չունի(ն)ք՝ նկարագրելու համար այս համով-հոտով փոքրիկներուն կատարումները», որովհետեւ այնքա՜ն շռայլօրէն մսխեցիք սուրբ ածականները՝ որ ո՛չ «համով-հոտով» բառ մնաց գործածելու, ոչ ալ՝ բազմաչարչար ածական: