ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 23 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA, 91205), հեղինակ Սաթօ Մուղալեան պիտի ներկայացնէ Feast of Ashes. The Life and Art of David Ohannessian («Մոխիրներու Խրախճանք. Դաւիթ Օհաննէսեանի Կեանքն Ու Արուեստը») հատորը, որ նուիրուած է Օհաննէսեան գերդաստանի պատմութեան եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հեղինակին մեծ հօր իւրայատուկ կեանքին եւ իրագործումներուն:
Մուտք ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Սթենֆըրտ համալսարանի հրատարակչատունէն անցեալ տարի լոյս տեսած հատորը լուսանկարներով հարուստ է։ Զայն մէջտեղ բերելու համար, արհեստավարժ սրնգահար Սաթօ Մուղալեան վստահած է իր ընտանեկան պարագաներու յուշերուն, յատկապէս մեծ հօրաքրոջ մէկ ձեռագիր յուշագրութեան, ինչպէս նաեւ արխիւային եւ մասնագիտական հարուստ նիւթերու, նաեւ ճամբորդութիւններ կատարած է Պաղեստին, Իսրայէլ, Անգլիա եւ Թուրքիա։
Դաւիթ Օհաննէսեան Կուտինայի (Քիւթահիա) իր նախահայրերուն հայկական խեցեգործութեան արուեստը 1919ին կրցած է Երուսաղէմ հասցնել, ճակատագիրի մէկ խաղով Հալէպէն Երուսաղէմ հասնելով։ Արդարեւ, հակառակ իր հարստութեան եւ օսմանցի պաշտօնատարներու հետ իր կապերուն Օհաննէսեան, չէր կրցած տարագրութենէն փրկուիլ եւ հասած էր Հալէպ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։