ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ կրտսերներու ձմեռնային աւանդական բանակումը այս տարի տեղի պիտի ունենայ տարբեր ձեւով։
Արդարեւ, շրջանի մասնաճիւղերէն առաւելագոյն թիւով պատանիներու մասնակցութիւնը ապահովելու նպատակով՝ որոշուած է կազմակեպել երկու անջատ բանակումներ, որոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ 17էն 20 Յունուարի շաբաթավերջին, 13-16 տարեկան պատանիներու համար, իսկ երկրորդը՝ 14է 17 Փետրուարի շաբաթավերջին, 8-12 տարեկան պատանիներուն համար։
ՀԵԴ Կրտսերներու Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ եւ բանակումներուն ընդհանուր պատասխանատու Սիլվա Խայալեան կը յայտնէ, թէ ջանք տարուած է դաստիարակչական եւ հաճելի բանակումներ իրականացնելու համար եւ կ՛աւելցնէ, թէ տարիքային բաժանումը առիթ պիտի ընծայէ բարելաւելու պատանիներուն փորձառութիւնները։
Առաջին բանակումին վարիչներն են՝ Էրիսթինա Մեհրանպոտ եւ Պերճ Բարսեղեան, իսկ երկրորդինը՝ Թամար Պապուճեան եւ Սագօ Ասլանեան, որոնք բոլորն ալ ՀԵԴի շրջանաւարտներ են։
ՀԵԴ կրտսերներու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սարօ Շիրինեան կը յայտնէ, թէ այս տարուան բանակումներուն ընթացքին շեշտը պիտի դրուի հայկական ինքնութեան եւ մեր արմատներուն հետ կապերու ամրապնդման կարեւորութեան վրայ։
Առաջնորդութեամբ վարիչներուն եւ ՀԵԴական խորհրդականներուն, պատանիները պիտի մասնակցին շարք մը աւանդական նախաձեռնութիւններու եւ խաղերու, հետաքրքրական դաստիարակչական ներկայացումներու, ինքնապաշտպանութեան փորձերու, ինչպէս նաեւ ընկերային հաւաքներու։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել AYFJuniors.org կայքը։