ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմինհապեր».- «Ենի Շաֆաք»ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան բարձրագոյն խորհրդակցական մարմինի անդամները 14 Յունուարի իրենց նիստին ընթացքին քննարկեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ դիտել տուին, որ «հայկական անհիմն պնդումներուն նպատակն է պառակտում ստեղծել Թուրքիոյ հանրային կարծիքին մէջ»։
Հրատարակուած զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ թուրք ժողովուրդը հաւատարիմ կը մնայ միութեան եւ միասնութեան գաղափարներուն, որեւէ զիջում չ՛ըներ այս մարզին մէջ։
Խորհրդակցական մարմինի անդամները քննարկեցին Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները եւ անգամ մը եւս համաձայն մնացին այն գծով, թէ «Թուրքիա պէտք է պայքար մղէ անհիմն պնդումներուն դէմ»։
«Մանրակրկիտ կերպով քն-նարկուեցան անհրաժեշտ քայլերը, որոնք պէտք է իրականացուին 1915ի դէպքերուն վերաբերեալ իրականութեան չհամապատասխանող պնդումներուն դէմ»: